2015-07-21 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 Յուլիսի թուիթը` ''Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու հոգատար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Անգամ մը եւս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ ի սպաս աղքատներուն ու կը խրախուսէ ուշադիր եւ հոգատար ըլլալու անոնց հանդէպ։ 

Արդարեւ` երեքշաբթի 21 յուլիսին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ ''Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու միշտ ուշադիր եւ հոգատար աղքատներու նկատմամբ''։ Իր Քահանայապետ ընտրուելուն առաջին օրէն իսկ, Ֆրանչիսկոս Պապը աղքատներու մասին իր կարծիքը արտայայտեց ըսելով թէ կը փափաքէր ունենալ աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար ու այս մէկը բացայայտ է նաեւ Անոր ընտրած անունէն Ֆրանչիսկոս` Ասիզացիի աղքատիկ սուրբին նման։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.